2015-03-17 11:51:00

ԱՄՆի եպիսկոպոսներու կոչը` ո՛չ կրօնական հալածանքին։


(Ռատիօ Վատիկան)  ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի վարչական կոմիտէն կոչ ուղղած է աղօթելու կրօնական բոլոր հալածանքներու զոհերուն եւ այլ կոչ մը ուղղած է որպէսզի նման բռնութիւններ չկրկնուին։

''Կը հրաւիրենք ամէն կրօնի հաւատացեալները որ մեզի միանան աղօթելու բոլոր անոնց որոնք Միջին Արեւելքին ու աշխարհի մէջ հալածանքի ողբերգական իրականութիւնը կը դիմագրաւեն, ոգեկոչելով մասնաւորապէս ղպտի 21 մարտիրոսները, որոնք սպաննուեցան իսլամական պետութեան ահաբեկիչներու ձեռքով։  Անոնց արի նահատակութեան վկայութիւնը եզակի չէ, անոնց հետ նահատակուեցան քրիստոնեայ թէ  այլ կրօնի պատկան  հազարաւոր ընտանիքներ'' կը գրեն ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսները իրենց կոչին մէջ ու ապա հրաւէր կ՛ուղղեն ''Բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց որպէսզի միջազգային հասարակութեան հետ համագործակցելով աշխատին պաշտպանելու փոքրամասնութիւններու ու հարստահարուածներու իրաւունքը''։

ԱՄՆի եպիսկոպոսները կը մատնանշեն որ քառասնորդացը բարեպատեհ առիթ մըն է սերտօրէն միանալու տառապող Քրիստոսի, որպէսզի մարդկային ազգը կարողանայ բաժնել Յարուցեալ Քրիստոսի մշտատեւ ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.